Տեառնընդառաջ

«Շողան» ծրագրի հովանաւոր՝
Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի
Ծրագիր՝ Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդի։
Տեառնընդառաջ
Տեառնընդառաջը այսօր, հայ առաքելական եկեղեցւոյ տօներէն մէկն է, որ ամէն տարի կը նշուի Փէտրուար 14-ին՝ Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդէն 40 օր ետք, եւ կը խորհրդանշէ 40 օրական Մանուկ Յիսուսը տաճարին նուիրելը։
Հեթանոսական շրջանին, տօնը խորհրդանշած է բոցերուն մէջէն ծնած Վահագն աստուծոյ ծնունդը։
Տեառնընդառաջի տօնը բոլոր քրիստոնէաներու համար դէպի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին երթալու հրաւէր է։
Նախատօնակին, այսինքն՝ տօնին նախորդող օրը, երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, կը կատարուի Անդաստանի կարգը, որուն խորհուրդը աշխարհի օրհնութիւնն է։ Հին ժամանակ արարողութիւնը կը կատարուէր արտերու եւ այգիներու օրհնութեամբ՝ աւետելով ձմրան աւարտն ու գարնանամուտը։
Այժմ այդ արարողութիւնը կը կատարուի եկեղեցիներէն ներս, ապա կանթեղներու օրհնուած կրակով՝ եկեղեցիներու բակերուն մէջ, կը վառեն խարոյկը, որ կը խորհրդանշէ Աստուծոյ լոյսը։
Երբ Մանուկ Յիսուսի ծնողները՝ Մարիամն ու Յովսէփը, Յիսուս կը տանին տաճար, այնտեղ Սիմէոն անունով ազնիւ եւ արդար մարդ մը՝ Յիսուսը տեսնելով, Տիրոջ ընդառաջ կ՝երթայ։ Այսպէս կը յաաջանայ տօնին անուանումը՝ Տեառնընդառաջ, այսինքն՝ Տիրոջ ընդառաջելու տօն։
Ժողովրդական աւանդոյթին համաձայն՝ Տեառնընդառաջի հիմնական ծէսը խարոյկ վառելն էր եւ այդ խարոյկին շուրջ տօնակատարութիւն կազմակերպելը։
Այդ ընթացքին, կիները սկուտեղի վրայ կը բերէին Տեառնընդառաջի տօնական կերակրատեսակներ՝ չամիչ, ընկոյզ, փոխինձ, աղանձ եւ կը դառնային կրակին շուրջը։
Սովորութիւն եղած է Տեառնընդառաջի օրը բանալ տան դռներն ու պատուհանները՝ դուրս քշելու ձմեռը եւ ներս հրաւիրելու գարունը։

Пікірлер